«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»
Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»: Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն, երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան,…
