ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։

Աշակերտները ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասնաբար Զատիկ տօնեցին:  Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտները խմբային պարով եւ նուագով, իսկ Զուարթնոցի աշակերտները՝ թատերական ներկայացումով: Այնուհետեւ տիրեց խնճոյքի մթնոլորտ, բոլորը պարեցին եւ ուրախացան:

Ճեմարանի աշակերտները Զուարթնոց կեդրոնին նուիրեցին փոշեկուլ մեքենայ մը, ինչպէս նաեւ՝ 1 200 000 Լ.Ո.՝ բարեսիրական միութիւններու  դրամահաւաքի գումարէն:

Վերադարձին, աշակերտները զգաստացած էին. անոնք կը մտածէին, որ պէտք է երբեմն իրենց ժամանակը բաժնեն իրենցմէ նուազ կարողութիւններով մարդոց հետ, որոնց համար անհրաժեշտութիւն է այս փոխ յարաբերութիւնը: