ՊՐԸՒԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՆԻՇ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հայկական վարժարաններու պրըւէի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին:

Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները.

Յովակիմեան Քրիսթին, Գրիգորեան Կայէլ, Գոգօղլանեան Նարէ, Խաչատուրեան Ռուբէն, Յովսէփեան Լոռի, Եիրիքեան Մարիա, Գրիգորեան Արի-Յարութիւն, Ֆեղալի Ճորճիօ, Չերքեզեան Սերժ, Պէզճեան Քեւըն Վահագն, Նաճարեան Արման, Հաւաթեան Շահան-Ժորժ, Խաչատուրեան Միլա, Սերուժեան Սարօ, Տօնիկեան Պարոյր, Փափազեան Թամար:

Կը շնորհաւորենք զիրենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք: