ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» (Institut de Reeducation Audio-Phonetique)

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան Այն Ալաա շրջանը գտնուող խուլերու-համրերու մասնագիտական դպրոցը, ուր կը յաճախեն 2 տարեկանէն մինչեւ 15 տարեկան աշակերտներ: 

Ճեմարանի աշակերտները նախօրօք պատրաստուած էին այս այցելութեան, անոնք դիտած էին յատուկ տեսերիզներ, ուր ներկայացուած է «sign language»-ը եւ սորված էին հաղորդակցութեան որոշ ձեւեր՝ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու հետ:

Է. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ հետը տարած էր ուտեստեղէնի տեսակ մը (բրինձ, շաքար, ոսպ, եւայլն) իբրեւ նուէր այդ աշակերտներուն, որովհետեւ անոնք ամէն օր կը ճաշեն դպրոցէն ներս, իսկ Ճեմարանի կողմէ՝ տրամադրուեցաւ այդ օրուան անուշեղէնը:

Աշակերտները նախ ծանօթացան IRAP-ի աշակերտներուն, միասին անցընելով աւելի քան կէս ժամուան զբօսանք մը: Անոնց փոխյարաբերութիւնը շատ բնական, ջերմ ու ընկերական էր: Ապա անոնք հաւաքուեցան սրահ մը, ուր դպրոցի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Սիմոն Մուպարաք, ներկայացուց դպրոցի պատմականը, աշակերտներուն դժուարութիւնները, դպրոցին գործելաձեւը եւ պիւտճէի ապահովումը: Վերջինս, մեծ մասով հիմնուած է անհատներու եւ դպրոցներու նուիրատուութիւններու վրայ: Տիկին Մուպարաք շեշտեց, որ այսօրուան իրենց բերած նպաստը շատ մեծ կը նկատուի IRAP-ին համար, որովհետեւ կաթիլ առ կաթիլ կը գոյանայ իրենց գոյատեւելու միջոցը: Ապա աշակերտները շրջեցան դպրոցին տարբեր յարկերը եւ դիտեցին դասարանները. անոնք նկատեցին որ զեկուցատախտակները լեցուած են նկարներով ու բառերով, որպէսզի աշակերտները առաւելագոյն ձեւով սորվին տեսնելով:

Անոնք նախ շրջեցան այդ մեծ խոհանոցները, ուր կը պատրաստուին IRAP-ի տուփերու մէջ զետեղուած քաղցրեղէնները եւ սորվեցան, թէ երբ հանրախանութներու մէջ վաճառուող IRAP-ի արտադրութիւններէն գնեն, նպաստած կ’ըլլան դպրոցին: Այդ խոհանոցներուն մէջ կ’աշխատին խուլ եւ համր անհատներ, որոնք այլ տեղ գործ չեն կրնար գտնել:

Ճեմարանի աշակերտները շատ զգացուած ու հետաքրքրուած էին ամբողջ երկու ժամ, ամէնէն կարեւորը անոնք սրտի մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց, որովհետեւ սորվեցան, թէ պէտք է ընդունիլ տարբերը, օգնել անոր եւ սիրել զայն անսահման…