ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները դիտեցին անկախութեան պատմութեան տեսերիզը արաբերէն լեզուով: Անոնք սորվեցան նոյն բնաբանով երգ մը եւ գծագրութեան մը կողքին Լիբանանի հանդէպ իրենց սիրոյն մասին արաբերէն լեզուով արտայայտութիւններ գրեցին:

Նոյն առիթով, Ե. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին խոյզեր եւ ներկայացուցին իրարու օգնելով ու գործակցութեամբ հայրենիքին տէր կանգնելու գաղափարը: Անոնք նոյնպէս անկախութեան առիթով արաբերէն լեզուով երգ մը սորվեցան: