ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին ծանօթացան աշնան պտուղներուն: Անոնք սորվեցան պտուղներուն անունները (խնձոր, տանձ, պանան, խաղող…), գոյները, անոնց օգուտը,  եւ ինչեր կը պատրաստուին այդ պտուղներով:

Իրենց գիտելիքները ամրապնդելու համար, երեխաները այսօր՝ 10 Նոյեմբեր 2018-ին, խնձորները քամեցին եւ հիւթը խմեցին, խնձորով պատրաստուած կարկանդակ կերան եւ խնձորենի պատրաստեցին: