ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց աշխարհագրութեան եւ արաբերէն լեզուի ուսուցիչներուն, այցելեցին Ժպէյլ, ուր առիթը ունեցան յայտնուելու խաչակիրներու կառուցած բերդին տարածքէն ներս: Այնտեղ, աշակերտները ծանօթացան Ժպէյլ քաղաքի պատմութեան, բերդին կառուցման մանրամասնութիւններուն, տեսան պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած զանազան զարդեղէնները, արձանիկները եւ գործիքները:

Դուրս գալով բերդէն, անոնք շրջեցան փիւնիկեցիներուն բնակելի տարածքներուն մէջ, կանգ առին արքայական դամբարանին մօտ, ապա նստան հռոմէական թատրոնի քարերուն վրայ:

Պտոյտի աւարտին, աշակերտները անցան քաղաքին հին շուկային մէջէն եւ նոր գիտելիքներ ձեռք բերած վերադարձան դպրոց: