ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (A.U.B.)

8 եւ 13 Նոյեմբեր 2017-ին, A.U.B ընդունման գրասենեակէն  Սապին Մելքիսէթեան յաջորդաբար հանդիպեցաւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ եւ բացատրութիւններ տուաւ A.U.B մուտքի քննութիւններուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին: Ան աշակերտներուն բաժնեց համալսարանին վերաբերող անհրաժեշտ թերթիկներ եւ դիմումնագիրներ:

Հանդիպումներու աւարտին, Սապին Մելքիսէթեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: