ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «STARS» ՏՈՒՐՄԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ին, դասընկերներս ու ես՝ Ը. դասարանի աշակերտներս, արաբերէն լեզուի եւ ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք «Stars» տուրմի գործարանը:

Այս այցելութիւնը կը վերաբերէր ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասին. մենք սորված էինք տուրմի ստեղծումին եւ եւրոպական երկիրներու մէջ անոր ազնուական ուտելիք մը դառնալուն մասին: Այցելութիւնը կը վերաբերէր նաեւ մեր սորվելիք արաբերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան՝ Լիբանանի ճարտարարուեստ դասին:

Երբ գործարան մտանք, մեզի յատուկ քողեր տուին, որպէսզի անցընենք մեր ոտքերուն ու գլուխներուն… եւ նմանեցանք գործարանի աշխատաւորներուն: Նախ մտան աղջիկները, ապա՝ տղաքը: Առաջին սրահին մէջ կը գտնուէին տուրմի պատրաստութեան բաղադրիչ նիւթերը՝ ալիւրը, քաքաօն, կաթը… Ապա մտանք ելեկտրական մեքենաներու սրահը: Մեզի բացատրեցին, թէ ի՛նչպէս խմորը կը շաղեն ու կը կաղապարեն եւ ի՛նչպէս անոր վրայ կը քսեն հալած տուրմը: Շատ տարօրինակ էր նաեւ մեքենաներուն ձայնը: Անոնք համաչափ ձայներ կը հանէին, կարծես շեփորախումբ մը կազմած էին: Այդ սրահի ճամբուն վրայ, աջէն ու ձախէն կը լսուէին փսփսուքներ՝ «Եկէ՛ք մէկ հատ առնենք», «Սիրտս կը հալիկոր» կամ «Օրդ. Կրնա՞նք համտեսել»: Անցանք նաեւ սրահի մը քովէն, ուր մուտքը արգիլուած էր առանց յատուկ տարազի: Այդ սրահը ամէնէն աւելի սիրտ հալեցնող վայրն էր՝ տուրմ հալեցնելիք սրահը: Զգալի էր, որ հոնկէ անցած ատեն բոլորին դէմքերը քիչ մը տխրեցան, սակայն շուտով վերագտան ժպիտը, երբ իւրաքանչիւր աշակերտի տոպրակ մը տուրմ բաժնեցին: Բոլորս շնորհակալութիւն յայտնեցինք եւ ուղղուեցանք հանրաշարժ:

Այս այցելութիւնը շատ հետաքրքրական էր, որովհետեւ գործարանին մէջ գործերուն մեծ մասը կը կատարէին մեքենաները: Մեր գիտելիքները զարգացուցինք եւ շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք:

Արմէն Եղիայեան

Ը. դասարան