ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՕՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2017-ին, մանկամսուրի փոքրիկները դպրոց բերին իրենց նախասիրած նուագարանը եւ միասնաբար խաղացին ու նուագեցին: Փոքրիկները հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ծանօթացան զանազան նուագարաններու: 

«GLOBAL VILLAGE»

Ճեմարանի աշակերտները ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) կողմէ կազմակերպուած «Global Village»-ին: Այս տարի եւս, մենք բարձրացուցինք մեր դպրոցի անմար ջահը համալսարանէն ներս՝ ներկայացնելով Ֆիլիփփինը: Կրնանք ըսել, որ աշխատանքը չափազանց խստապահանջ էր, մեզ ընկճելով յաճախ: Շուարած էինք ի՛նչ հագնիլ՝ Ֆիլիփփինի ազգային տարա՞զը, թէ շապիկ…

ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2017-ին աւարտեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի կողովագնդակի ներքին մրցաշարքը, եւ յաղթական աշակերտները մետալ ստացան: Միջնակարգի Թ. դասարանէն երկրորդական բաժինի յաղթական հանդիսացող խումբի անդամներն են՝ Կարէն Խալոյեան, Սէրուժ Նորամանեան, Հայկ Աւետիս եւ Քրիստ Բրուտեան: Նախակրթարանի Դ. դասարանէն միջնակարգի Ը. դասարանի յաղթական հանդիսացող խումբի անդամներն են՝ Ժագոպ Աճեմեան, Պետօ…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մանկամսուրի հանդէսը: Մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց մանկամսուրի գործունէութեան մասին, ապա փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին: Հանդէսի աւարտին, Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ ըսաւ. «2001-2002 տարեշրջանին 15 աշակերտներով ծնունդ առած Ճեմարանի մանկամսուրը այսօր ունի…

ՊԱՐԶ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՎ ՇԻՆՈՒԱԾ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս,նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները խմբական աշխատանքներով փորձեցին պարզ մեքենաներով խաղալիքներ շինել: Աշխատանքի աւարտին, իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր աշխատանքը, եւ աշակերտները փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները:

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՍԷՐՈՒԺ ԹԱՊԱՔԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտ Սէրուժ Թապաքեան հանդիսացաւ երրորդ՝ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքին:

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 99-րդ ամեակին առիթով միջնակարգի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան զարգացման մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 2 Յունիս, 2017-ին:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Աշակերտները գեղարուեստական բաժինով պատուեցին իրենց մայրերը եւ սրտաբուխ խօսքերով յուզեցին զանոնք, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։ Բարի մայրերու տօն բոլոր հայ մայրերուն:

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց ծնողներուն: Սրահը զարդարուած էր երեխաներուն աշխատանքներով: Փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգեցին ու պարեցին, ապա իրենց ծնողներուն հետ նախաճաշեցին:  Ծնողները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: Վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն 2016-2017 տարեշրջանը կ’աւարտի Ուրբաթ, 2 Յունիս,…

ՎԱՌԱԿ-ՆԱՐԵԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի իմացութեան, պահպանման եւ զարգացման սատարող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Է….

ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՄԱՐԻԱ ԱՃԵՄԵԱՆ՝ ՉՈՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ առաջին մրցանակին արժանացաւ «Պահուըտած ժպիտը» պատմուածքը` հեղինակ Մանէ Պասմաճեան (աւարտական…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի մոկլիները եւբոլոր աշակերտները նշեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնը։ Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան փոքրիկներուն բացատրեց օրուան խորհուրդը, ապա անոնք երգեցին Հայաստանի քայլերգը, «Ի զէն հայեր» եւ «Հայաստանի ջուրն անուշ» երգերը։