ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՄԱՐԻԱ ԱՃԵՄԵԱՆ՝ ՉՈՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ առաջին մրցանակին արժանացաւ «Պահուըտած ժպիտը» պատմուածքը` հեղինակ Մանէ Պասմաճեան (աւարտական դասարան), գիրքի նկարազարդումը կատարած է լիբանանահայ գեղանկարիչ Վարդան Խապայեան: Պատուոյ յիշատակութեամբ չորրորդ դիրքին արժանացաւ «Գէլօն ու Փամփուլը» պատմուածքը` հեղինակ Մարիա Աճեմեան (աւարտական դասարան), որուն գիրքին նկարազարդումը կատարած է Ճեմարանի նկարչութեան դասատու Գրիգոր Արփաճեան: Իւրաքանչիւր պատմուածքէ տպագրուած են 1250 օրինակներ, որոնց մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները:

Ձեռնարկի աւարտին մրցանակակիր հեղինակները մակագրեցին իրենց գիրքերը: