ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասանիւթի ծիրէն ներս, ուսումնասիրելէ ետք նաւահանգիստներու կարեւոր դերը պետութիւններու զարգացման մէջ, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, այցելեցին Պէյրութի նաւահանգիստը: Հոն աշակերտներն ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ընդունուեցան նաւահանգիստի տնտեսական հարցերու տնօրէն եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Րաֆֆի Աշգարեանին կողմէ: Պրն. Աշգարեան մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասնութեամբ աշակերտներուն…

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԺԱ. ԵՒ ԺԲ. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018-ին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, այցելեցին Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին: Աշակերտները այս այցելութեամբ իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Նախարարական ժողովասրահէն ներս աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու եւ իրենց…

ԾԻԾԵՌՆԱԿՆԵՐ

Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018, տարրական բաժնի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն շինեցին գունաւոր ծիծեռնակներ:

ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն դպրոցական օրը նուիրուած էր առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան: Օրուան նպատակն էր երեխաներուն մօտ ամրապնդել առողջ ապրելակերպի եւ մարմինի մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ: Փոքրիկները դպրոց եկած էին սովորական հագուստներով եւ մարզակօշիկներով: Իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերած էր իր ակռայի խոզանակը,…

«ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» երաժշտական քոլեճի ամավերջի հանդէս

Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Ելոյթ ունեցան 7-րդ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց կարգին Մել. Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն 2 աշակերտ։ Նարեկ Մեսրոպեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց Բ….

ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները պատրաստեցին կարկանդակ մը: Անոնք նախ դիտեցին եւ բաղդատեցին տանձն ու խնձորը, որմէ ետք, իրենց ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ պատրաստեցին համեղ կարկանդակ մը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան եւ հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ձեւերուն եւ հանգրուաններուն: Աշակերտները այցելեցին նաեւ Համազգայինի գրախանութը, որուն տրամադրած նուէր-գիրքերով ուրախ-զուարթ վերադարձան դպրոց: Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ գրախանութին:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, A. U. B. համալսարանի «Public health»-ի դասախօս Դոկտ. Թամար Հաշօլեան երկորդական բաժինի ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ նոր մասնագիտութեան մը մասին՝ «Health communication», որ յառաջիկայ տարի պիտի սկսի յիշեալ համալսարանին մէջ: Այս մասնագիտութիւնը իր մէջ կը ներառէ թէ՛ առողջապահական նիւթ, թէ՛ լրատուական ու արուեստ: Մասնագէտ…

ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները ունեցան մաքրութեան օր մը: Օրուան նպատակն էր ձեռք բերել անմիջական շրջապատին մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ: Փոքրիկները դպրոց եկած էին իրենց հետ բերելով աւել մը, դոյլ մը, սպունգ մը եւ լաթ մը: Անոնք մաքրեցին մանկապարտէզին բակն ու իրենց դասարաննները:

ՏՈՔԹ. ՊԵՐՃ ՏԱՔԷՍԵԱՆ՝ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզ այցելեց մանկաբոյժ տոքթ. Պերճ Տաքէսեան: Ան հանդիպումներ ունեցաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ եւ անոնց հետ խօսեցաւ առողջ մարմին ունենալու, առողջ սնուելու, քնանալու եւ պատուաստներու կարեւորութեան մասին: Ան շեշտեց, որ մանուկները պէտք է պարբերաբար այցելեն իրենց բժիշկին:

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Նարէ Քիւրքճեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Ան ըսաւ. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ գիրերու գիւտէն ետք, հայ թարգմանիչներուն դերը մեծ եղաւ հայ ազգի լուսաւորութեան ճամբուն վրայ: Հայ լեզուն եղաւ մեր ազգին…

ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՎԱՃԱՌՔ «ԲՈԼՈՐՍ ԸՆԴԴԷՄ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018-ին, մենք` աւարտական դասարանի աշակերտներս, կազմակերպած էինք «Բոլորս ընդդէմ հիւանդութեան» կարգախօսով կարկանդակի վաճառք, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբապետուհի քոյր Լիւսիին: Վաճառքը շատ յաջող ընթացաւ, բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները եւ տնօրէնութիւնը խանդավառօրէն քաջալերեցին մեզ, եւ յաջողեցանք այս առթիւ նուիրաբերել 1100 ԱՄՆ տոլարի…