ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի մոկլիները եւբոլոր աշակերտները նշեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնը։

Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան փոքրիկներուն բացատրեց օրուան խորհուրդը, ապա անոնք երգեցին Հայաստանի քայլերգը, «Ի զէն հայեր» եւ «Հայաստանի ջուրն անուշ» երգերը։