ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Աշակերտները գեղարուեստական բաժինով պատուեցին իրենց մայրերը եւ սրտաբուխ խօսքերով յուզեցին զանոնք, ապա մամաները եւ աշակերտները միասին ճաշեցին։

Բարի մայրերու տօն բոլոր հայ մայրերուն: