ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց ծնողներուն:

Սրահը զարդարուած էր երեխաներուն աշխատանքներով: Փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգեցին ու պարեցին, ապա իրենց ծնողներուն հետ նախաճաշեցին: 

Ծնողները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

Վարդագոյն դասարանի փոքրիկներուն 2016-2017 տարեշրջանը կ’աւարտի Ուրբաթ, 2 Յունիս, 2017-ին: