ՊԱՐԶ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՎ ՇԻՆՈՒԱԾ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս,նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները խմբական աշխատանքներով փորձեցին պարզ մեքենաներով խաղալիքներ շինել:

Աշխատանքի աւարտին, իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր աշխատանքը, եւ աշակերտները փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները: