ՎԱՌԱԿ-ՆԱՐԵԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի իմացութեան, պահպանման եւ զարգացման սատարող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Է. դասարանէն Վառակ-Նարեկ Մանուկեան հանդիսացաւ երկրորդ: