ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին Նորսիկեան մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մանկամսուրի հանդէսը:

Մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց մանկամսուրի գործունէութեան մասին, ապա փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին:

Հանդէսի աւարտին, Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ ըսաւ. «2001-2002 տարեշրջանին 15 աշակերտներով ծնունդ առած Ճեմարանի մանկամսուրը այսօր ունի 49 աշակերտներ: Մանկամսուրի առաջին աշակերտներէն ոմանք 2015-2016 եւ 2016-2017 տարեշրջանի աւարտական դասարանի աշակերտներ եղան եւ այսօր կը գտնուին համալսարանի սեմին»: Տնօրէնուհին շնորհաւորեց մանկամսուրի վկայական ստացող փոքրիկներուն ծնողները եւ ըսաւ. «Ձեր զաւակները հայ դպրոցին մէջ պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, ամբարեն գիտելիքներու պաշար եւ դառնան ինքնավստահ եւ ինքնաբաւ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ: Վարձքը կատար ուսուցչական կազմին»:   Այնուհետեւ Փաուլա Եղիայեան վկայականները յանձնեց Մանկամսուրի փոքրիկներուն: 

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: