ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առիթով, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ը. դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Տիկ. Կամիլա Երկանեան Քէշիշեան խօսեցաւ բանաստեղծութիւն գրելու արուեստին մասին: Ձեռնարկին  բացման խօսքը ընթերցեց Ճորճ Տէմիրճեան, որ նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, ապա ամփոփ տողերու մէջ Կամիլայի կենսագրութեան անդրադարձան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք: Զանոնք դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանը, որ աշակերտները ծանօթացուց մայրավանքի տարածքէն ներս գտնուող զանազան կառոյցներուն: Աշակերտները իմացան, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ի՜նչ դժուար պայմաններու…

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՃԵՄԱՐԱՆ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ

Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ. «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի ճատրակի յանձնախումբին, Կիրակի, 24 Մարտ 2018-ին, ակումբին «Զապէլ Մովսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ հայկական 9 վարժարաններու 60 աշակերտներու: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ սոյն մրցաշարքին եւ դպրոցներու դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Անհատական դասաւորումներուն մէջ, մետալներու արժանացան…

ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԶԲՕՍԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները անդրադարձան Թատրոնի Միջազգային Օրուան: Անոնք տեղեկացան, որ ամբողջ աշխարհին մէջ, սոյն օրուան ընթացքին կը կազմակերպուին ազգային եւ միջազգային թատերական ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ կը կատարուին թատերական այլ աշխատանքներ:  Այսպէս, 2-րդ եւ 3-րդ զբօսանքներուն, վերոյիշեալ դասարաններու աշակերտները պատրաստեցին դիմակներ եւ…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Մանուկներու Միջազգային Օրը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, Լիբանանի…

ԳԱՐՆԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ

21 Մարտը կը զուգադիպի գարնան առաջին օրուան: Գարնան մեր դպրոցի շուրջի բնութիւնը կը ծաղկի, եւ այս առիթով, Հինգշաբթի 21 Մարտ 2019-ին, մենք՝ ութերորդ դասարանի աշակերտներս, մեր հայերէնի ուսուցչուհիին հետ շրջագայեցանք դպրոցին շրջակայքը ու վայելեցինք պայծառ օդն ու տաքուկ արեւը: Քաղեցինք ծաղիկներ եւ նուիրեցինք զանոնք մեր պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն:…

ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան խօսեցաւ մարդակազմութեան, առողջ ապրելու, լաւ սննդականոնի եւ ակռաներու խնամքին մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, արաբերէն լեզուի դասանիւթի «ուղեգրութիւն» (أدب الرحلة) բնաբանի ծիրէն ներս, խումբ առ խումբ ներկայացուցին Լիբանանի քաղաքներ, ինչպէս՝ Սուր, Սայտա, Թրիփոլի, Աքքար, Ժըզզին, եւ այլն.: Իւրաքանչիւր խումբ դասարանին ներկայացուց տուեալ քաղաքին աշխարհագրութեան եւ սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԱՒԱՇԻ ԵՒ ՊԱՆԻՐԻ ՀԱՄՏԵՍՈՒՄ

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները, հայերէն լեզուի դասանիւթի «հայկական հաց» բնաբանի ծիրէն ներս, դիտեցին հայկական լաւաշ հացի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ծանօթացան հայկական հացին իւրայատկութիւններուն եւ անոր պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն: Տրուած ըլլալով, որ աշակերտներուն դասին վերնագիրը «Օշականեան հիւրասիրութիւն» է, անոնք ծանօթացան Օշական գիւղին եւ…

ԾՆՈՂՔ-ԱՇԱԿԵՐՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը: Այս տարուան հիւր դասախօսը Սարին Շէկեանն էր. 2009-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, մասնագիտացած է Nutrition & Dietetics- Coordinated Program (CP) ճիւղին մէջ (LAU)։ Ուրբաթ, 15…

ԾՆՈՂՔ-ԱՇԱԿԵՐՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը: Այս տարուան հիւր դասախօսը Սարին Շէկեանն էր. 2009-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, մասնագիտացած է Nutrition & Dietetics- Coordinated Program (CP) ճիւղին մէջ (LAU)։ Ուրբաթ, 15…

ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄՈՎ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ՄՐՑԱՆՔ

«Recyclons-Récupérons-Bricolons»՝ վերամշակուած իրերով զարդարանքներ պատրաստելու դպրոցական ներքին մրցանքին աւարտին յաղթական նկատուեցան միջնակարգի Է1 եւ երկրորդականի ԺԱ. գրական դասարանի աշակերտները: Իրենց յղացած գաղափարներուն, գործածած վերամշակուած իրերու այլազանութեան եւ ստեղծագործ իրագործումներուն համար, աշակերտները գնահատուեցան, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: