ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԶԲՕՍԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները անդրադարձան Թատրոնի Միջազգային Օրուան: Անոնք տեղեկացան, որ ամբողջ աշխարհին մէջ, սոյն օրուան ընթացքին կը կազմակերպուին ազգային եւ միջազգային թատերական ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ կը կատարուին թատերական այլ աշխատանքներ: 

Այսպէս, 2-րդ եւ 3-րդ զբօսանքներուն, վերոյիշեալ դասարաններու աշակերտները պատրաստեցին դիմակներ եւ դպրոցէն ներս խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Աւելի ուշ, դիմակները զետեղուեցան դպրոցին մուտքին: