ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը:

Տոքթ. Իշխան խօսեցաւ մարդակազմութեան, առողջ ապրելու, լաւ սննդականոնի եւ ակռաներու խնամքին մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները: