ՍՈԽԻ ՑԱՆՔ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի երեխաները Մանկապարտէզի պարտէզէն ներս հերկեցին հողը, ցանեցին սոխը եւ զայն ջրեցին:
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի երեխաները Մանկապարտէզի պարտէզէն ներս հերկեցին հողը, ցանեցին սոխը եւ զայն ջրեցին:
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները գրականութեան հաճելի դասապահ մը անցուցին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեանի հետ։ Հետաքրքրական քննարկում մը տեղի ունեցաւ Յ. Օշականի «Ծակ Պտուկը» վէպին մասին։ Մարինէ Ղազարեան աշակերտներուն հետ արծարծեց Օշականի ստեղծած գլխաւոր կերպարներուն ներաշխարհը յուզող հարցերը եւ…
Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ: Սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան…
Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախօրեակին, տիկին Սեդա Խտըշեան Գ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանը եւ անոր հեղինակը՝ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանը: Ներկայացումը անցաւ շատ հաճելի եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մը մէջ: Ներկայացման աւարտին հնչեցին հետաքրքրական հարցումներ, որոնք լուսաբանուեցան տիկին Խտըշեանին կողմէն:
Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներէն Գալին Գիլէճեան Գ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը: Աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան Գալինին պատրաստած ներկայացման եւ ուղղեցին իրենց հարցումները: Վարձքդ կատար, սիրելի Գալին:
Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 5 Ապրիլ 2019-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 աշակերտներ՝ տարիքային երեք խումբերու բաժնուած (6-8, 9-12 եւ 13-16): Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ճեմարանականներ Աննա Կիւրիւնլեան եւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան դարձած են մրցանակակիր:…
2019 թուականի Յունուար ամսուն, Ճեմարանէն ներս մեկնարկած էր ճիշդ հնչելու մրցանք մը, որուն կը մասնակցէին Նախակրթարանի Զ. եւ Միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները: Մրցանքին յաղթողներուն անունները յայտարարուեցան Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. Զ. դասարան Արամ Աղասարգիսեան Զ. դասարան Արազ Խտըրեան Ալիք Մելքոնեան Լոռի Մխճեան Միքայէլլա…
Չորեքշաբթի՝ 3 Ապրիլին, Զ. կարգի աշակերտները մեկնեցան Պաապտա՝ այցելելու Terre Liban կազմակերպութիւնը։ Աշխատանքային այցը սկսաւ ֆիլմի ցուցադրութեամբ մը, որ անդրադարձաւ ապականումի տեսակներուն, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն ընդհանրապէս եւ Լիբանանի ապականումի վիճակին յատկապէս։ Աշակերտները առիթը ունեցան aloe vera բազմացնելու ձեւին ծանօթանալու եւ ցանելու իրենց տունկերը։ Անոնք շրջեցան բոյսերով հարուստ պարտէզին…
Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն հետ այցելեցին Նահր էլ Քալպի կենդանաբանական պարտէզը դիտելու համար վայրի եւ ընտանի անասունները: Երեխաները ուրախ էին եւ խանդավառ: Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին կենդանիները ու ազատօրէն արտայայտուեցան:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պարարուեստի Ֆետերասիոնին (Lebanese Dancesport Federation), Կիրակի, 31 Մարտ 2019-ին, «Մոն Լա Սալ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ պարի մրցոյթ մը, որուն ընթացքին ճեմարանականներ Ռիթա Ուրիշեան եւ Լիմ Լիպարեան (Գ. դասարան) իրենց զուգընկերներուն հետ հանդիսացան առաջին: Կը շնորհաւորենք Ռիթան եւ Լիմը եւ անոնց կը մաղթենք նորանոր յաղթանակներ:
Քաղաքացիական կրթութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Ժ. դասարանի աշակերտները արաբերէն լեզուով խոյզեր պատրաստեցին եւ զանոնք ներկայացուցին համակարգչային հեռարձակումով ու նկարներով: Անոնք ընդհանրապէս անդրադարձան հետեւեալ նիւթերուն՝ մանուկներու իրաւունքներ, կիներու իրաւունքներ, աղքատութիւնն ու անօթութիւնը, բռնութիւններ, թմրեցուցիչ, ջուր պահպանելու կարեւորութիւն, եւայլն…: