ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԱՒԱՇԻ ԵՒ ՊԱՆԻՐԻ ՀԱՄՏԵՍՈՒՄ

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները, հայերէն լեզուի դասանիւթի «հայկական հաց» բնաբանի ծիրէն ներս, դիտեցին հայկական լաւաշ հացի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ծանօթացան հայկական հացին իւրայատկութիւններուն եւ անոր պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն:

Տրուած ըլլալով, որ աշակերտներուն դասին վերնագիրը «Օշականեան հիւրասիրութիւն» է, անոնք ծանօթացան Օշական գիւղին եւ անոր զբօսաշրջային վայրերուն, ինչպէս նաեւ բացայայտեցին օշականցի գիւղացին, որ հիւրասէր, սրտբաց եւ անկեղծ է: 

Դասապահի աւարտին, աշակերտները համտեսեցին Հայաստանէն բերուած լաւաշն ու «Լոռի» պանիրը: