ԳԱՐՆԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ

21 Մարտը կը զուգադիպի գարնան առաջին օրուան: Գարնան մեր դպրոցի շուրջի բնութիւնը կը ծաղկի, եւ այս առիթով, Հինգշաբթի 21 Մարտ 2019-ին, մենք՝ ութերորդ դասարանի աշակերտներս, մեր հայերէնի ուսուցչուհիին հետ շրջագայեցանք դպրոցին շրջակայքը ու վայելեցինք պայծառ օդն ու տաքուկ արեւը: Քաղեցինք ծաղիկներ եւ նուիրեցինք զանոնք մեր պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն:

Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք դասընկերներով: Բոլորին կը մաղթենք բարի գարուն, արդիւնաբեր աշխատանք եւ յաջողութիւն:

Կարին Եղիայեան