ԾՆՈՂՔ-ԱՇԱԿԵՐՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը:

Այս տարուան հիւր դասախօսը Սարին Շէկեանն էր. 2009-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, մասնագիտացած է
Nutrition & Dietetics- Coordinated Program (CP) ճիւղին մէջ (LAU)։

Ուրբաթ, 15 Մարտի առաւօտուն, Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս հաւաքուեցան Ե. դասարանի աշակերտներն ու ծնողները: Գիտութեան ուսուցչուհին ողջունեց բոլորը, ներկայացուց հանդիպումին նպատակը եւ ծանօթացուց հիւր դասախօսը, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց ուտելիքներու որակի եւ սովորութիւններուն դրական եւ բացասական հետեւանքները: Ան յանձնարարեց «my plate»ի չափի եւ տեսակի բաժանումներուն հետեւիլ։

Անդրադառնալով պատանիներու զբաղումներուն, Սարինը ընդգծեց, թէ վերջերս ելեկտրոնային խաղերով նստակեաց ժամեր անցնելը եւ անքուն մնալը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնան ունենալ առողջութեան վրայ։
Հետեւաբար կարեւորեց մարմնամարզի դերը՝ նպաստելու պատանիին առողջ միտքի ու մարմինի կազմաւորումին:

Աշակերտներն ու ծնողները ուղղեցին իրենց հարցումները եւ ստացան համապատասխան խորհուրդներ ու բացատրութիւններ:

Զրոյցի աւարտին կատարուեցաւ առողջ ու համեղ նախաճաշի հիւրասիրութիւն: