ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Մանուկներու Միջազգային Օրը՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի անդամներ եւ հայկական վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը կը ներկայացնէին Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները, որոնք ներկաներուն մատուցեցին կենդանի պատկեր մը՝ «Հայ մանուկներու իրաւունքները» թեմայով:

Վարձքը կատար Ե. դասարանի աշակերտներուն՝ գեղեցիկ եւ ուրախ ներկայացման համար: