ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, արաբերէն լեզուի դասանիւթի «ուղեգրութիւն» (أدب الرحلة) բնաբանի ծիրէն ներս, խումբ առ խումբ ներկայացուցին Լիբանանի քաղաքներ, ինչպէս՝ Սուր, Սայտա, Թրիփոլի, Աքքար, Ժըզզին, եւ այլն.: Իւրաքանչիւր խումբ դասարանին ներկայացուց տուեալ քաղաքին աշխարհագրութեան եւ սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ: