ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը, ներկայութեամբ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի: Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լիլա Մաքտեսեան, ապա Վարագ Պալապանեան բանաստեղծին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Լոռի Եահնիեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը», իսկ Քրիստափոր Գապաքեան՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս»…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով…

ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Երեքշաբթի, 20 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ Այնճարի քաղաքապետարանէն, ուր զիրենք դիմաւորեց քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետարանի գործունէութիւնը, ծրագիրները եւ իրագործումները: Աշակերտները ճաշակեցին քաղաքապետարանին տրամադրած Այնճարի համեղ ծոթրինահայսը: Այցելութիւններու յաջորդ…

Հաղորդագրութիւն

Ամիս մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամ Ազնիւ Բարունակեանը: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը մեծ ցաւով իմացան օրդ. Ազնիւ Բարունակեանի մահուան գոյժը: Ան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ճեմարանի գրադարանին մէջ եւ միշտ եղած է հանդարտաբարոյ, ժպտադէմ ու ծառայասէր. իր աշխատասիրութիւնն ու…

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները շարունակեցին կաղանդի շրջանին իրենց սկսած բարեսիրական աշխատանքը, որովհետեւ զգացին որ կարիքը մեծ է ու իրենց բերած նպաստը՝ շատ օգտակար: Երրորդ անգամ ըլլալով, աշակերտական խմբակ մը ուտելիք, հագուստեղէն, խաղալիկ եւ տնային անհրաժեշտ իրեր հաւաքեց ու այցելեց ընտանիք մը, որ ընկերային եւ…

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 30-ԱՄԵԱԿ

«Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրող, բայց նոյն ազգային երազներով դաստիարակուող հայ աշակերտներ»: Նոր տարուան մթնոլորտը կրկնակի նշանակութիւն ունեցաւ այս տարի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն համար: Ընթացիկ տօնակատարութիւններու կողքին,  անոնք խնամքով ու սիրով նուէրներ ու բացիկներ պատրաստեցին` ուղարկելու Արցախի տարեկից ընկերներու: Ծանօթացումը աւելի շօշափելի ու հարազատ…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԸ «NOTRE DAME DE JAMHOUR» ԴՊՐՈՑԻ «GEORGES WAKIM» ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մարզական խումբերը ԼԵՎԱՄ-ի կողքին, կը մասնակցին զանազան մարզաձեւեր ընդգրկող այլ մրցաշարքերու եւս: Այս մրցաշարքերու ծիրէն ներս, «Notre Dame De Jamhour» դպրոցի կազմակերպած Պասքեթպոլի «Georges Wakim» 2017-2018 մրցաշարքին, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ երկարող մրցումներուն, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Elyse, Champville, Saint Joseph եւ Notre Dame…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցան սեռային դաստիարակութեան դասախօսութիւններ՝ միջնակարգի եւ երկրորդականի Ժ., ԺԱ.  դասարաններու աշակերտութեան: Դասախօսը՝ Տոքթ. Ժանօ Քէչէճեան, Ճեմարանի շրջանաւարտ է, աւարտած է Լիբանանեան Համալսարանը: Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ տալ աշակերտներուն ազատ եւ հանգիստ արտայայտուելու եւ ստանալու գիտական, մասնագիտական պատասխաններ՝ զիրենք հետաքրքրող…

ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ

ԺԲ. գիտական դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Հայկ Աւետիս ներկայ գտնուեցան USEK-ի կազմակերպած «Open Day»-ին, որ տեղի ունեցաւ «Notre Dame De Secours» հիւանդանոցին մէջ, մասնագէտ բժիշկներու ներկայութեամբ: Լիբանանի զանազան դպրոցներու աւարտական դասարանի աշակերտներ, որոնք ապագային պիտի մասնագիտանան բժշկութեան մէջ, ներկայ էին այդ օր: Նանին եւ Հայկը ապագայի իրենց երազներու…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 88 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան (3 Մարտ, 1930) 88 ամեակը: Անոնք երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: Աւարտական դասարանի աշակերտները շրջեցան բոլոր դասարանները, ցրուեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան վերաբերող թղթիկներ, եւ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ հնչեց Ճեմարանի քայլերգը:

ՌՈՒԲԷՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿ (POSITION PAPER AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը (Ժ. դասարանէն)այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան  տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու…

ՄՀԵՐ ՓԵԼԹԷՔԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին Պիէլի համալիրէն ներս, ներկայութեամբ Ֆրանսախօս հանրային թէ մասնաւոր դպրոցներու ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Institut Francais du Liban-ի, Սէն Ժօզէֆ Համալսարանի եւ Ecole de traducteurs et d’Interprètes de Beyrouth-ի կողմէ կազմակերպուած «Prix lycéen de la traduction francophone 2018» մրցանակաբաշխութիւնը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն մասնացած էին…