Հաղորդագրութիւն

Ամիս մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամ Ազնիւ Բարունակեանը: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը մեծ ցաւով իմացան օրդ. Ազնիւ Բարունակեանի մահուան գոյժը: Ան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ճեմարանի գրադարանին մէջ եւ միշտ եղած է հանդարտաբարոյ, ժպտադէմ ու ծառայասէր. իր աշխատասիրութիւնն ու օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնը յաւերժ պիտի մնան մեր բոլորին մտքերուն եւ սրտերուն մէջ:

Վերջին ամսուան կարճատեւ իր անհանգստութեան շրջանին ան շարունակեց հետաքրքրուիլ Ճեմարանով եւ մնայուն կապ պահեց իր նախկին պաշտօնակիցներուն հետ: Միշտ պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով որեւէ օժանդակութիւն բերելու Ճեմարանին` հանգուցեալ Ազնիւ Բարունակեանին վերջին փափաքը եղաւ իր երկու բնակարաններն ու ամբողջ ունեցուածքը կտակել իր շատ սիրելի Ճեմարանին:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքը մեծապէս երախտապարտ է հանգուցեալ Ազնիւ Բարունակեանին` իր այս ազնուական նուիրատուութեան համար:

Համազգայինի Ճեմարանը կը շարունակէ հաւատարմօրէն ծառայել հայեցի կրթութիւն եւ բարձրորակ ուսում ջամբելու իր առաքելութեան: Ազնիւ Բարունակեանի նման հայ դպրոցին եւ հայ Ճեմարանին դերակատարութեան հաւատացող ազգայիններու նուիրական կեցուածքով է, որ հայ Ճեմարանը կը գոյատեւէ եւ առաւել եւս կը գօտեպնդուի հայ երեխաներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան իր տեսլականին մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ