ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 10 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի երեխաները այցելեցին Պսուսի մետաքսի թանգարանը (Ալէյ): Դիտելէ ետք թանգարանին պարտէզին պտղատու ծառերը, երեխաները մտան թանգարան, ուր նոր գիտելիքներ ամբարեցին: Անոնք տեսան խոզակը, շերամը, զանազան գործիքները, մետաքսէ պատրաստուած գորգերն ու շղարշները, ինչպէս նաեւ սորվեցան մետաքսի պատրաստութիւնը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2019-ի առաւօտեան,  Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեանի եւ ուսուցչուհի Շողիկ Փելթեքեանի։ Մուտքին, Կեդրոնի տնօրէն Վարդի Գէորգեան բացատրութիւններ տուաւ Զուարթնոցի մասին եւ շեշտեց, որ հոն յաճախողները տարբեր կարողութիւններ ունեցող աշակերտներ են եւ ո՛չ՝ մտքով…

ԿԱՅԷԼ ԵՒ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ

Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Ժպէյլի «Սայիտէթ Ալ Մաունէթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանքին հովանաւորն էր կրթութեան նախարար Աքրամ Շըհայյէպը, իսկ կազմակերպիչը՝ «Լիբանանի բարգաւաճման կազմակերպութիւնը» Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Կայէլ Գրիգորեան (քանոն) եւ ԺԲ. Դասարանի աշակերտ Կարօ Գրիգորեան (դաշնամուր) արժանացան մրցանակի: Կը…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆ»

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 10 Մայիս 2019-ին, Ը. դասարանի աշակերտներս, դպրոցէն ուղղուեցանք դէպի ՔԱՀԼ-ի «Հայ տարեցներու տուն»: Հոն, շատ սիրալիր ձեւով մեզ դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ պատասխանատու Սոնիկ Կէտիկեան: Պատուելին խօսեցաւ ՔԱՀԼ-ի հիմնադրութեան պատճառներուն եւ գործունէութեան մասին, ապա բացատրեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ գտնուող…

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութի, Կիրակի, 12 Մայիս 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութի ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ Ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան 60 երկսեռ խաղացողներ:  Սոյն մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը ճեմարանական աշակերտներ, որոնք դարձան մետալակիրներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք բոլոր մետալակիր աշակերտներուն անունները. 8 տարեկանէն վար՝ Նարեկ Բակլայեան (5 կէտ)՝…

«ԿԱՐԿԱՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին աշակերտական ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի հանդիսասրահէն ներս:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Դպրոցի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան ատենապետին հետ հանդիպումի մը ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի առօրեային վերաբերող եւ կրթական զանազան նիւթեր: Այցելութեան աւարտին, Բիւրոյի ներկայացուցիչը շրջեցաւ կառոյցին մէջ եւ ծանօթացաւ անոր զանազան բաժիններուն, մասնաւորաբար նորակառոյց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին:

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրբաթ, 10 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանական եւ նկարչական մրցանքին, որ տեղի ունեցաւ «Ահրամճեան» կեդրոնէն ներս: Արտասանական մրցումին, Ե. դասարանէն երկրորդ հանդիսացաւ Սարին Մահտեսեան, որ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Օրօր…

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները, ֆրանսերէնի դասանիւթի ծիրէն ներս, խումբ առ խումբ բեմականացուցին Ժան Տէօ Լա Ֆոնթէնի (Jean De La Fontaine) առակներէն փունջ մը: 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ

Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը: Երեխաները մանկամսուրէն ներս նախաճաշեցին, մեծ ախորժակով կերան հիւրասիրուած «մղլին» ու քամուած մածունով հացիկը, ինչպէս նաեւ ուրախ-զուարթ խաղացին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՂԱՆՏՈՒՐ»-Ի ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, Լիբանանի աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ղանտուր»-ի գործարան: Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները լիբանանեան արտադրութեան մասին, շրջելով գործարանին մէջ եւ ծանօթանալով աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն: Այցելութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու:  

ԱԼԻՔ ԹԵՄՊԵԼԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ «ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ

Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Է. դասարանէն Ալիք Թեմպելեան հանդիսացաւ առաջին եւ կը շնորհաւորենք զինք: