ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԱՒԱՇԻ ԵՒ ՊԱՆԻՐԻ ՀԱՄՏԵՍՈՒՄ
Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները, հայերէն լեզուի դասանիւթի «հայկական հաց» բնաբանի ծիրէն ներս, դիտեցին հայկական լաւաշ հացի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ծանօթացան հայկական հացին իւրայատկութիւններուն եւ անոր պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն: Տրուած ըլլալով, որ աշակերտներուն դասին վերնագիրը «Օշականեան հիւրասիրութիւն» է, անոնք ծանօթացան Օշական գիւղին եւ…