ՑՈԼԵՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՒ ԷՏՈՒԱՐՏ ԹԱՇՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ (POSITION PAPER AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը (Ժ. դասարանէն) այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին:

Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան  տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս տարուան մասնակիցներէն Ցոլեր Գէորգեան եւ Էտուարտ Թաշճեան ստացան  Դիրքորոշման Փաստաթուղթի մրցանակներ (Position Paper Award):

Model United Nations (MUN) այս տարուան ծրագրին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները.

Կալի Քէշիշեան, Սարին Զարմէնեան, Վանա Մանիսաճեան, Ցոլեր Գէորգեան, Սիրվիա Պապոյեան, Ալիս Գարաճեան, Կասիա թիւթէլեան, Նարօտ Թաշճեան, Նանոր Հէյպէլեան, Ինեսա Քէչէք, Ճոն Էլ Ժըհայէմ, Կարէն Ճինպաշեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, Էտուարտ Թաշճեան, Սօսի Տէմիրճեան, Սիլվիա Տէմիրճեան: