ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՍԵԼԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍԹԵՖԱՆԻ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան, Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին տեղի ունեցաւ մարմնամարզութեան միջդպրոցական մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ճեմարանական Սելին (Ա. դասարան) եւ Սթեֆանի (Գ. դասարան) Մումջողլեան քոյրերը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ քոյրերը դարձած են մետալակիրներ. Սելին արժանացած է ոսկի մետալին, իսկ Սթեֆանի՝ պրոնզ մետալին: Նշենք նաեւ, որ երկու քոյրերը նախապէս ալ արձանագրած էին այլ յաջողութիւններ:

Կը շնորհաւորենք Սելինն ու Սթեֆանին եւ անոնց կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ: