ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, «Gymbo» մարմանամարզական դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ Լիբանանի մարմնամարզութեան (gymnastique) տարիքային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զ. դասարանէն Նարօտ Կիւրիւնլեան: Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Նարօտ՝ վաստակելով երեք ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներ (տարբեր վարժանքներու մէջ), հանդիսացաւ 2007-2008 ծնունդներու ախոյեան: 

Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն: