ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՓՈԽ-ԱԽՈՅԵԱՆ

21-24 Փետրուար 2019-ին, Յորդանանի «G.X» (Group Exercise Gym) ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ մարմնամարզութեան (gymnastique) միջազգային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան Լիբանանեան «Mont La Salle» ակումբին մարզիկուհիները: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ճեմարանական Նարօտ Կիւրիւնլեան (Զ. դասարան) մրցելով իրմէ տարիքով մեծ մասնակիցներու դէմ, ընդհանուր դասաւորման մէջ արժանացաւ Արծաթ մետալին՝ վաստակելով 2 Ոսկի մետալ՝ տարբեր վարժանքներու մէջ:

Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ անոր կը մաղթենք նորանոր յաղթանակներ: