Այցելութիւն ծովային անասուններու թանգարան

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները՝ իրենց գիտութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին «Les Merveilles de la Mer» ծովային անասուններու թանգարանը:

Առաջին հերթին, աշակերտները դիտեցին ողնաւոր եւ անողն ծովային անասուններուն մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք շրջեցան թանգարանէն ներս եւ բազմաթիւ տեղեկութիւններ ստացան այդ անասուններուն տեղափոխութեան, պաշտպանութեան, սնունդին եւ բեղմնաւորման ձեւերուն մասին: Վերջապէս, անոնք որոշ ժամանակ մը անցուցին թանգարանին պարտէզին մէջ ու մեծ գոհունակութեամբ  վերադարձան դպրոց: