ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ

Զ. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան ֆրանսերէն լեզուի ոսուցչուհիին կազմակերպած «ճիշդ հնչենք» մրցանքին, որ ընթացաւ երեք հանգրուաններով: Վեհ Հարպոյեան, Ալիք Ղազար եւ Լիմ Քենտիրճեան հասան վերջին հանգրուան: Չորեքշաբթի, 23 Մարտին, յաղթական հանդիսացան Ալիք Ղազար եւ Լիմ Քենտիրճեան:

Ե. ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ ԽՕՍԵՑԱՆ ԲՌՆԱԴԱՏՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2022-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Սողոմոնեանին, շրջեցան կարգ մը դասարաններ եւ աշակերտներուն խօսեցան բռնադատման (bullying) մասին՝ ներկայացնելով անոր զանազան ձեւերը՝ ֆիզիքական, բանաւոր, հոգեբանական եւ այլն: Նշենք, որ անցնող…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՆՇԵՑԻՆ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԸ

Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Մարտ 2022-ին, Ճեմարանի Տարրականի եւ Նախակրթարանի աշակերտները զանազան աշխատանքներու ընդմէջէն նշեցին դպրոցին հիմնադրութեան 92-ամեակը: Տարրական բաժնի Ա., Բ. եւ Գ., ինչպէս նաեւ Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները, պատի թերթի պատրաստութեան ընդմէջէն ծանօթացան Ճեմարանի պատմութեան, հիմնադիրներուն եւ զանազան կառոյցներուն: Ապա, նկարչութեան ուսուցիչին հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով՝…

Ճեմարանի 92-րդ ամեակը եւ միջնակարգի աշակերտները

Միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները արտասովոր օր մը ապրեցան Հինգշաբթի,  3 Մարտ 2022-ին: Անոնք իրենց օրը սկսան  տնօրէնուհիին պատգամով, որ կը վերաբերէր դպրոցիս 92-րդ տարեդարձին, իսկ հայերէնի դասապահերուն հետեւեցան 92 սահիկներու, որոնց ընդմէջէն շրջագայեցան Ճեմարանի պատմութեան անդաստանէն ներս եւ լսեցին «բոլորիս ուխտավայր Ճեմարան»ին պատմականը, կարդացին ականաւոր հիմնադիրներուն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 3 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, բոլոր բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան Գարագաշեան սրահ, ուր  նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան (3 Մարտ, 1930) 92-ամեակը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան խօսեցաւ դպրոցին հիմնադրութեան եւ առաքելութեան մասին, ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: Այնուհետեւ ամբողջ օրուան ընթացքին այս առիթով տեղի ունեցան զանազան նախաձեռնութիւններ:

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ. ՄԱՐԻ ԺՈԶԷ ԺՐԷՅԺ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդին, գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի, Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ին, Վարդանանց տօնին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան 34-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական արտասանական մրցանք մը: Մասնակիցները արտասանեցին Վարդանանց կամ Արցախեան պայքարին նուիրուած ստեղծագործութիւններ։ Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ միջնակարգ բաժինէն երկրորդ հանդիսացաւ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՐԱՅՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Յունուար 2022-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Հրայր Պարսումեանի հետ։ Ան ներկայացուց Արցախի վերջին պատերազմը, որուն ընթացքին իր ապրած փորձառութենէն դրուագներ պատմեց եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

2020-2021 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

Միշտ Ճեմարանի կողքին՝  երթը կը շարունակուի:     Նախորդ ամիսներուն մեր դիմաց հանդիսացած աննկարագրելի դժուարութիւնները կարելի պիտի չըլլար շրջանցել առանց Ճեմարանի մեծ ընտանիքին նեցուկին եւ օժանդակութիւններուն:    Աշխարհասփիւռ ճեմարանականներ, ծնողներ, բարեկամներ ու բարերարներ ճիգ չխնայեցին, մնայուն մեր կողքին եղան եւ սատար հանդիսացան Ճեմարանին ու Ճեմարանականին:   Շնորհակալութիւն բոլորին:  …

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.A.U.)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընդմէջէն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ զեղչի դրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին: Ան քաջալերեց աշակերտները մասնաւորաբար գնահատելով համալսարանէն ներս…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, առաջին զբօսանքին, երկրորդական բաժինի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Սերոբ Գասապեան ընթերցեց օրուան պատգամը: Պատմական ակնարկէ ետք, ան ըսաւ, որ եղեռնէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, որ իր թեւերը բաց ընդունեց զինք, հետեւաբար մենք Լիբանանը կ’ընդունինք իբրեւ մեր տունը: Ապա…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակի ներկայացուցիչը ԺԲ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներու ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ ապագային գործի կարելիութիւններուն մասին։