Ե. ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ ԽՕՍԵՑԱՆ ԲՌՆԱԴԱՏՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2022-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Սողոմոնեանին, շրջեցան կարգ մը դասարաններ եւ աշակերտներուն խօսեցան բռնադատման (bullying) մասին՝ ներկայացնելով անոր զանազան ձեւերը՝ ֆիզիքական, բանաւոր, հոգեբանական եւ այլն:

Նշենք, որ անցնող քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, մինչեւ նիւթին ներկայացումը, Ե. դասարանի աշակերտները տիկին Սիլվային հետ ունեցան երկու դասապահ, որոնց ընթացքին արծարծուեցաւ եւ քննարկուեցաւ բռնադատման թեման, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նիւթին շուրջ պրպտումներ կատարելու եւ զբօսանքներուն պատրաստուելու՝ զայն Ճեմարանի աշակերտներուն ներկայացնելու համար: