ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.A.U.)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընդմէջէն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ զեղչի դրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին: Ան քաջալերեց աշակերտները մասնաւորաբար գնահատելով համալսարանէն ներս հայկական դպրոց աւարտած աշակերտները, որոնք փայլուն արդիւնքներ կ’ապահովեն: