ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, առաջին զբօսանքին, երկրորդական բաժինի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Սերոբ Գասապեան ընթերցեց օրուան պատգամը:

Պատմական ակնարկէ ետք, ան ըսաւ, որ եղեռնէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, որ իր թեւերը բաց ընդունեց զինք, հետեւաբար մենք Լիբանանը կ’ընդունինք իբրեւ մեր տունը: Ապա իր խօսքը աւարտեց յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի դժուար օրերը պիտի անցնին եւ աւելի զօրաւոր ու բարգաւաճ երկիր մը պիտի դառնայ ան:

Լիբանանի քայլերգը լսելէ ետք, աշակերտները անկախութեան ոգիով ներշնչուած բարձրացան իրենց դասարանները: