ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՆՇԵՑԻՆ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԸ

Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Մարտ 2022-ին, Ճեմարանի Տարրականի եւ Նախակրթարանի աշակերտները զանազան աշխատանքներու ընդմէջէն նշեցին դպրոցին հիմնադրութեան 92-ամեակը:

Տարրական բաժնի Ա., Բ. եւ Գ., ինչպէս նաեւ Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները, պատի թերթի պատրաստութեան ընդմէջէն ծանօթացան Ճեմարանի պատմութեան, հիմնադիրներուն եւ զանազան կառոյցներուն: Ապա, նկարչութեան ուսուցիչին հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով՝ անոնք իրենց մատներով ներկեցին Ճեմարանի պատերէն մէկուն վրայ գծուած ջահը:

Նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահերուն ընթացքին ունկնդրեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ լսեցին Ճեմարանի պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ գունաւոր թղթիկներու վրայ գրեցին իրենց սիրելի դպրոցին ուղղուած մաղթանքներ: