ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ. ՄԱՐԻ ԺՈԶԷ ԺՐԷՅԺ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդին, գործակցութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի, Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ին, Վարդանանց տօնին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան 34-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական արտասանական մրցանք մը: Մասնակիցները արտասանեցին Վարդանանց կամ Արցախեան պայքարին նուիրուած ստեղծագործութիւններ։

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ միջնակարգ բաժինէն երկրորդ հանդիսացաւ Ճեմարանի Է. դասարանի աշակերտուհի Մարի Ժոզէ Ժրէյժ, որ արտասանեց Վահագն Դաւթեանի «Ուրեմն զա՛րկ, Արցախ» բանաստեղծութիւնը: Կը շնորհաւորենք Մարի Ժոզէն: