Ճեմարանի 92-րդ ամեակը եւ միջնակարգի աշակերտները

Միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները արտասովոր օր մը ապրեցան Հինգշաբթի,  3 Մարտ 2022-ին: Անոնք իրենց օրը սկսան  տնօրէնուհիին պատգամով, որ կը վերաբերէր դպրոցիս 92-րդ տարեդարձին, իսկ հայերէնի դասապահերուն հետեւեցան 92 սահիկներու, որոնց ընդմէջէն շրջագայեցան Ճեմարանի պատմութեան անդաստանէն ներս եւ լսեցին «բոլորիս ուխտավայր Ճեմարան»ին պատմականը, կարդացին ականաւոր հիմնադիրներուն ու մշակոյթի գործիչներուն խօսքերը եւ ծանօթացան արտակարգ դրութեան նախորդող 3 տարիներուն միջնակարգի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, տօնակատարութիւններուն, այցելութիւններուն, պտոյտներուն, հայ մշակոյթին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն եւ ոգեկոչումներուն:

Այնուհետեւ, իրենց բաժնուեցաւ «Ես կը սիրեմ Ճեմարանը» խօսքը կրող զարդասեղը, զոր հպարտօրէն ամրացուցին իրենց վերնաշապիկին ու Ճեմարանի յարկերուն տեղադրուած ցուցատախտակներուն առջեւ նկարուելով անմահացուցին այդ ուրախ պահը եւ մեծ ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ ուղղուեցան դէպի տնօրէնութեան յարկը, որպէսզի շնորհաւորեն Ճեմարանին 92-րդ տարեդարձը:

Տնօրէնուհին սիրալիր կերպով ընդունեց զիրենք եւ լսելէ ետք անոնց խօսքը, իրենց ուշադրութեան յանձնեց, որ Ճեմարանի տարեդարձը չէ վերապահուած միայն տնօրէնին կամ ուսուցիչներուն: Տիկին Փաուլա  ժպիտով մը թելադրեց մնալ հաւատարիմ իրենց լեզուին ու պատմութեան եւ տէրը կանգնիլ Ճեմարանի առաքելութեան, որ կը միտի սերունդներ դաստիարակել, լաւ մարդն ու հայը պատրաստել, հայ մշակոյթը պահպանել եւ ոչ միայն ուսում ջամբել ու գիտելիք փոխանցել, որոնք բոլոր դպրոցներուն ծրագրին մաս կը կազմեն: Ան թելադրեց, որ դառնան յանձնառու իրիտասարդներ եւ ըլլան արժանաւոր զաւակը իրենց ազգին: Անդրադառնալով 92 երկար տարիներ ապրած կրթօճախին տարիքին, ան մատնանշեց Ճեմարանին  յարատեւ երիտասարդ մնալուն պատճառը, որ կապուած է նոր սերունդին ներարկած նոր շունչին եւ դպրոցս յաճախող փոքրիկներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ տարիներով ու փորձառութիւններով մեծցող Ճեմարանը յաւերժ երիտասարդ կը պահեն:

Յաջողութեան մաղթանքներով, ուրախութեամբ եւ շնորհաւորանքներով անոնք վերադարձան դասարան: