ԴԷՊԻ ՇՈՒՖ
Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2022-ին, միջնակարգի աշակերտները առիթը ունեցան տեսնելու Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Անոնք նախ այցելեցին Պարուքի մշտադալար մայրիներուն արգելոցը, վայելելով նարնջագոյն ու կարմրագոյն ծառերը, որոնք ծածկած էին լեռներն ու ձորերը: Աշակերտները արշաւեցին անտառին մէջ, ուր կանաչապատ մայրիի ծառերը գոցած էին կապտագոյն երկինքը: Լսեցին զբօսավարին բացատրութիւնները մայրիի ծառերուն ու…
