«Արցախի Կոթողները» շրջուն ցուցահանդէսը Ճեմարանի մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 23 փետրուար 2023-ին, տեղի ունեցաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները:

ՋԱՀ յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ ՋԱՀ-ի գործունէութեան եւ ձեռնարկի նպատակին, ապա «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Արշօ Պալեան խօսեցաւ Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան մասին։

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները դիտեցին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող մշակութային կոթողներու նկարները, որոնք ցուցադրուած էին սրահին մէջ։