ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները Հալէպի երկրաշարժի աղէտեալներուն օգտակար դառնալու համար կատարեցին բարեսիրական աշխատանք մը, իսկ աւելի բարձր կարգերու աշակերտներ օգնեցին տուփերուն ծրարումին եւ փոխադրութեան:

Աշակերտները սորվեցան, որ աղէտի ժամանակ պէտք է վախի մթնոլորտէն ելլել եւ կատարել զանազան օգտաշատ աշխատանքներ: