Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը (ոմանց՝ մայրերը) այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն, այսպիսով աւելի եւս ամրապնդելու «Արհեստներ եւ արուեստներ» կեդրոնական նիւթին բացատրութիւնը: Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ:
Այս առիթով, փոքրիկները հիւրասիրեցին ծնողները նախօրօք իրենց պատրաստած քաղցրիկ գնդիկներով:
