Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան երեք տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներու հետ՝ Տիրան Կիլիկեան (2001-ի շրջանաւարտ), Սեպուհ Եղիայեան (2003-ի շրջանաւարտ) եւ Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեան (2008-ի շրջանաւարտ):
Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ներկայացուց իր կարեւոր որոշումները կեանքին ընթացքին ու շեշտեց անհրաժեշտութիւնը որոշումներ կայացնելու (decision making), ինչպէս՝ մասնագիտութիւն ընտրելու, ասպարէզ ընտրելու, բնակավայր, ամուսնութիւն, եւայլն…: Անոնք իրենց փորձառութենէն մեկնելով, խօսեցան ընդհանրապէս ի՞նչպէս որոշում տալու եւ որոշումի մը հետեւանքներուն մասին:
Ընթացք առաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտները հարցումներ ուղղեցին իրենց երէց ընկերներուն, եւ շրջանաւարտները իրենց փորձառութենէն դէպքեր պատմելով լուսաբանութիւններ տուին:
