Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան անդրադառնալէ ետք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան, նպատակին, աշխարհատարած կառոյցներուն եւ գործունէութեան, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան երիտասարդական ծրագիրները: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր ծրագրի մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: Ի վերջոյ, ան քաջալերեց աւարտականները, որ իրենց ներդրումը ունենան իրենց նախասիրած բնագաւառներուն վերաբերող Համազգայինի յիշեալ աշխատանքներուն մէջ:
Ստորեւ ներկայացուած կարգ մը ծրագիրներու յղումները Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան կայքէջին վրայ.
-Համազգայինի Ուսանողական հաւաքը (ֆորում).
http://www.hamazkayin.com/forum/info/
-Երեւանի Պետական համալսարանին հետ գործակցաբար, Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը.
