ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՆՆԴԱԳԷՏ ԱՆԻ ՏԵՔԵՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 13 Փետրուար 2023-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Անի Տեքերմենճեան Ժերդիտեանի հետ: Ան հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցեց սննդարար ուտելիքներու ճիշդ համադրումին, ինչպէս նաեւ՝ վնասակար ուտելիքներով սնուելու հետեւանքներուն մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: